ԱՄՆ-ն Ատրպէյճանին կոչ ըրած է վերաբանալու Լաչինի միջանցքը

Լաչինի միջանցքով երթեւեկութեան դադրեցումը ծանր մարդասիրական հետեւանքներ ունի եւ կը վնասէ Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին։ Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայսը: Այս մասին հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը։
«Մենք յստակ յայտարարած ենք, որ Լաչինի միջանցքի փակումը ծանր մարդասիրական հետեւանքներ ունի՝ կը յետաձգէ խաղաղութեան գործընթացը,-ըսած է Փրայս,- Մենք կոչ կ'ընենք Ատրպէյճանի կառավարութեան վերականգնելու ազատ տեղաշարժը միջանցքով»։ «Ուժանիւթային ենթակառուցուածքներու աշխատանքի որեւէ դադրեցում, եւ մենք ունինք ուժանիւթային ենթակառուցուածքներու աշխատանքի դադրեցման մասին հաղորդագրութիւններ, կրնայ խորացնել մարդասիրական ճգնաժամը, յատկապէս՝ ձմրան ամիսներուն: Անընդունելի է Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան [վնաս] հասցնելը»,- նշած է ան։