ԱՄՆ-ն ԼՂ կարգավիճակի հարցը որոշուած չի համարեր

Մենք կ'ընենք ինչ կրնանք, որպէսզի 2 կողմերը կրկին վերադարձնենք Մինսքի խումբի ներքոյ բանակցութիւններու սեղանի շուրջ, որովհետեւ կը գտնենք, որ բանակցութիւններու միջոցով հարցը պէտք է կարգաւորուի: Այս մասին 11 Սեպտեմբերին, լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպան Լին Թրէյսին` անդրադառնալով արցախեան հարցի կարգաւորման:
«Քարտուղար Պլինքընը շատ տարբեր առթիներով շարադրած է մեր այս յանձնառութիւնը: Եւ, ի հարկէ, 30 տարուան պատերազմի եւ լարուածութեան իրավիճակը, մէկ գիշերուան ընթացքին չի կրնար լուծուիլ: Սակայն կան հիմնաւոր բաներ, որոնք մենք կը կարեւորենք, եւ ինչպէս նշեցի,մենք չենք համարեր, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը լուծուած է եւ այն պիտի մնայ Մինսքի խումբի օրակարգին մէջ»,- ըսած է ան:
Դեսպանը նշած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը յստակ ըսած է, որ աւելի լայնածաւալ քննարկումներու չանցնիր, քանի դեռ գերիներու հարցը չէ լուծուած. «Ինչպէս գիտէք` Միացեալ Նահանգները որոշակի քայլեր գործադրած է, ռուսաստանեան գործընկերները եւս ջանքեր գործադրած են եւ որոշակի յաջողութիւն ունեցած ենք: Մենք յոյս ունինք, որ պիտի գանք կէտի մը, երբ բոլոր գերիները պիտի վերադառնան»: