Այժմ մենք կ'աշխատինք Զանգեզուրի փոխադրային միջանցքի ուղղութեամբ. Ալիեւ

2021-04-26
Image

Ներկայիս մենք կ'աշխատինք Զանգեզուրի փոխադրային միջանցքի ուղղութեամբ, որ Ասիան Եւրոպայի հետ կապող Արեւելք-Արեւմուտք միջանցքի բաղկացուցիչ մասը պիտի դառնայ: Այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ ելոյթ ունենալով ՄԱԿ-ի Ասիոյ եւ Խաղաղ ովկիանոսի տնտեսական եւ ընկերային յանձնաժողովի 77-րդ նստաշրջանի ժամանակ, կը հաղորդէ AzerTAc-ը:

Անոր խօսքով՝ Ատրպէյճանը կարեւոր ներդրում ունեցած է տարածաշրջանային այնպիսի նախագիծերու իրականացման գործին, ինչպիսիք են Արեւելք-Արեւմուտք, Հիւսիս-Հարաւ, Հիւսիս-Արեւմուտք փոխադրային միջանցքները. «Ներկայիս մենք կ'աշխատինք Զանգեզուրի փոխադրային միջանցքի ուղղութեամբ, որ Ասիան Եւրոպայի հետ կապող Արեւելք-արեւմուտք միջանցքի անբաժանելի մասը պիտի դառնայ: Այս միջանցքը պիտի ամրապնդէ Ատրպէյճանի դիրքը՝ որպէս Եւրասիայի փոխադրային եւ նիւթաթեխնիկական ապահովման կեդրոն: Ես կը հրաւիրեմ գործընկեր երկիրները Ասիա-Խաղաղովկիանոսեան աւազանէն՝ տարածաշրջանային այս նախագիծի ներուժը քննարկելու համար»:

Նշենք, որ սա Ալիեւի առաջին յայտարարութիւնը չէ Զանգեզուրի վերաբերեալ: Օրերս ՀՀ ԱԳՆ մամուլի քարտուղար Աննա Նաղտալեանը, մեկնաբանելով Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնն այն մասին՝ արդեօ՞ք «101 տարի անց ատրպէյճանցիները կը վերադառնան Զանգեզուր», ըսած է. «Մենք խստօրէն դատապարտում ենք Ատրպէյճանի նախագահի յաւակնութիւնները Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ եւ ուժ գործադրելու սպառնալիքները:

Նման յայտարարութիւնները լուրջ վնաս են հասցնում տարածաշրջանային խաղաղութեանը եւ կայունութեանը: Դրանք բացայայտում են Ատրպէյճանի՝ խաղաղութեան եւ հաշտութեան վերաբերեալ վերջին յայտարարութիւնների կեղծ բնոյթը: Մենք մշտական կապի մէջ ենք մեր ռազմավարական դաշնակցի, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասում խաղաղութեամբ հետաքրքրուած բոլոր մեր գործընկերների հետ»: