Այս պատուիրակութիւնն իր հետ բերած է Ամերիկայի ժողովուրդի սէրը, մենք Հայաստանի ընկերն ենք. Փելոսին՝ Փաշինեանին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութենէն ներս ընդունած է ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Նենսի Փելոսիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Վարչապետ Փաշինեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ, մասնաւորապէս ըսած է.
«Տիկին խօսնակ, յարգելի գործընկերներ, թոյլ տուէք ջերմօրէն ողջունել ձեզ մեր երկրում, մեր կառավարութիւնում: Սա իսկապէս աննախադէպ այց է ԱՄՆ-ից Հայաստան, եւ մենք գնահատում ենք դա: Կը ցանկանայի մեր երախտագիտութիւնը յայտնել անձնապէս Ձեզ, տիկին խօսնակ, ԱՄՆ-ի կողմից Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործում Ձեր անձնական ջանքերի եւ ներդրման համար, ինչպէս նաեւ Ձեր պատուիրակութեան ջանքերի համար:
«Դա իսկապէս բարձր է գնահատւում, եւ նոյնիսկ միայն այդ փաստը հաշուի առնելով, բոլոր հայերը Ձեզ համարում են Հայաստանի վստահելի ընկեր: Բայց ես ցանկանում եմ շարունակել երախտագիտութեան խօսքերը, որովհետեւ ցանկանում եմ նաեւ երախտագիտութիւն յայտնել հայկական ժողովրդավարութեանն ուղղուած ԱՄՆ-ի աջակցութեան համար, քանի որ դա նոյնպէս շատ կարեւոր է մեզ համար:
Մենք տեսնում ենք ԱՄՆ կառավարութեան պատրաստակամութիւնը` աջակցելու մեր երկրում ժողովրդավարական օրակարգին: Ցանկանում եմ յայտնել մեր նուիրուածութիւնը ժողովրդավարական բարեփոխումների օրակարգին, չնայած այն հանգամանքին, որ, ինչպէս տեսնում էք, դա այնքան էլ հեշտ ճանապարհ չէ:
«Եւս մէկ փաստ, որ կը ցանկանայի նշել. մենք գնահատում ենք ԱՄՆ-ի յստակ դիրքորոշումը` կապուած Ատրպէյճանի կողմից Հայաստանի դէմ ագրեսիայի հետ: Իհարկէ, ԱՄՆ կառավարութեան կողմից յստակ ձեւակերպումները գնահատելի են, որովհետեւ դա շատ կարեւոր է մեզ համար:
«Տեղեակ էք, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը քննարկել է ներկայ իրավիճակը, եւ մենք յոյս ունենք, ու դա մեր դիրքորոշումն է, որ այս իրավիճակը պէտք է շարունակի մնալ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհրդի օրակարգում եւ այս առումով, իհարկէ, մենք ապաւինում ենք ԱՄՆ աջակցութեանը»:
Իր հերթին Նենսի Փելոսին ըսած է. «Շատ շնորհակալ եմ, պարոն վարչապետ, ողջոյնի ջերմ խօսքերուն եւ այս պատուիրակութեան անդամ իմ գործընկերներու կողմէ կատարուած հսկայական աշխատանքի գնահատման համար: Աջակցութիւնը ժողովրդավարութեան` Հայաստանի մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը, հակազդեցութիւնը Թուրքիային Լեռնային Ղարաբաղի հարցով, եւ բոլոր մնացած առումներով մենք Հայաստանի ընկերն ենք: Մենք այստեղ ենք` յարգելով Ձեր կառավարութիւնը:
«Անցած տարի տեղի ունեցան ընտրութիւններ, որոնք գնահատուեցան ազատ եւ արդար, եւ Ձեր հրաշալի յաղթանակը պատերազմի եւ այլ հանգամանքներու պայմաններուն մէջ: Եւ հարցը հոն է, որ երբ մենք սովորաբար կ'այցելենք որեւէ երկիր, այդ յարգանքը դրսեւորելու, լսելու եւ սորուելու նպատակ կ՛ունենան, բայց ես կրնամ անկեղծօրէն ըսել, որ ԱՄՆ-էն Հայաստան եկած այս պատուիրակութիւնը իր հետ բերած է Ամերիկայի ժողովուրդի սերը, յարգանք` Ձեր կառավարութեան եւ սեր` Հայաստանի ժողովուրդին հանդէպ»:
Այնուհետեւ զրուցակիցները քննարկած են հայ-ամերիկեան գործընկերութեան, տարբեր ուղղութիւններով համագործակցութեան յետագայ զարգացման վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:
Վարչապետ Փաշինեան ընդգծած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը պիտի շարունակէ հետեւողական քայլերը ժողովրդավարութեան ամրապնդման, ժողովրդավարական հիմնարկներու զարգացման ուղղութեամբ: Գործադիրի ղեկավարը բարձր գնահատած է ԱՄՆ օժանդակութիւնը` ՀՀ կառավարութեան բարեփոխումներու հարուստ օրակարգի յառաջմղման գործին մէջ:
Նիկոլ Փաշինեանը եւ Նենսի Փելոսին անդրադարձած են Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ դրսեւորուած յարձակումին եւ ՀՀ տարածքէն ատրպէյճանական ստորաբաժանումները դուրս բերելու վերաբերող հարցերուն:
Քննարկուած են տարածաշրջանի ճանապարհներու, ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման հնարաւորութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորմանը վերաբերող հարցերը:
Ներկայացուցիչներու Տան խօսնակը վստահեցուցած է, որ ամերիկեան կողմը պիտի շարունակէ գործնականօրէն նպաստել երկկողմ բազմաոլորտ փոխգործակցութեան յետագայ ընդլայնման ու Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացման ուղղուած ծրագիրնրուն: