Անթալիոյ մէջ հանդիպած են Արարատ Միրզոյեանն ու Մեւլութ Չաւուշօղլուն

2022-03-12
Image

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Մեւլութ Չաւուշօղլուն Անթալիոյ մէջ ունեցած հանդիպումէն ետք անդրադարձած են կայացած հանդիպման արդիւնքներուն:

Ըստ Թուրքիոյ ԱԳ նախարարի՝ հանդիպումը շատ կառուցողական ու արդիւնաւէտ եղած է: «Քննարկուած են քայլեր՝ ուղղուած յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման»,- ըսած է Չաւուշօղլուն:

Նախարար Միրզոյեան նախ շնորհակալութիւն  յայտնած է նախարար Չաւուշողլուին հրաւէրին համար: «Կարծում եմ` հրաւէրը բաւականին դրական ուղերձ էր, եւ անհրաժեշտ եմ համարել նոյն դրական կերպով արձագանգել այդ ուղերձին: Մեր հանդիպման ընթացքում վերահաստատել ենք երկու կողմի պատրաստակամութիւնը` շարունակել կարգաւորման գործընթացը` յարաբերութիւնների հաստատման եւ սահմանների բացման նպատակով` առանց որեւէ նախապայմանի»,- ըսած է Միրզոյեան:

Միրզոյեան նաեւ յայտնած է, թէ «Ուրախ եմ տեսնել, որ տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդները, բոլոր պետութիւնները փորձում են կառուցել խաղաղութիւն եւ կայունութիւն մեր տարածաշրջանում: Եւ ուզում եմ ասել, որ Հայաստանը հաստատակամ է տարածաշրջանում խաղաղութիւն հաստատելու հարցում»։

Յիշեցնենք, որ Միրզոյեան կը գտնուի Անթալիա, ուր մասնակցած է Թուրքիոյ կողմէ կազմակերպուած «Դիւանգիտական ֆորում»ին։