Ան, որ կը յարձակի Սիւնիքի վրայ, կը յարձակի Օվերնիէ-Ռոն-Ալփի վրայ. ֆրանսացի պաշտօնեայ

2023-03-30
Image

Ֆրանսան պէտք է առաւելագոյն ճնշում գործադրէ Լաչինի միջանցքի բացման նպատակով:

«Ազատութեան» հաղորդմամբ, յայտարարած է Ֆրանսայի Օվերնիէ-Ռոն-Ալփի շրջանային խորհուրդի նախագահ Լորան Վոքիէն՝ Սիւնիքի մէջ։

«Շատ կարեւոր է, որ միջազգային հանրութիւնը արձագանգէ։ Միջազգային հանրութիւնը իր լռութեամբ մեղաւոր կը դառնայ։ Կայ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշում, եւ այդ որոշումը պէտք է անպայման յարգուի։ Եւ ի՞նչ կրնայ ընել Ֆրանսան, իմ կարծիքով, ի՞նչ պէտք է ընէ. առաւելագոյն ճնշում գործադրել, որ կարողանանք գոնէ առաջին փուլին որպէս առաջին քայլ մարդասիրական օգնութեան համար ճանապարհը բանալ», -ըսած է Վոքիէն։

Ֆրանսացի պաշտօնեայի գլխաւորած պատուիրութիւնը, որ երկօրեայ այցով կը գտնուիէր Սիւնիքի մարզ, այսօր այցելած է Լաչինի փակ միջանցքի մուտք՝ Տեղ գիւղի Կարմիր հող կոչուող տեղամաս, նշելով, որ իր այս քայլով կ'ուզէ ցոյց տալ աշխարհին՝ Ֆրանսան իր բարեկամ երկրի՝ Հայաստանի կողքին է։

Լորան Վոքիէն մտահոգութիւն յայտնած է միջանցքի աւելի քան 100 օր փակ ըլլալու պատճառով առաջացած մարդասիրական ճգնաժամի առթիւ՝ անընդունելի համարելով Ատրպէյճանի այս գործելաոճը։

«Անոր (Ատրպէյճանի-խմբ.) յոյսն այն է, որ այստեղ յառաջխաղացումներ ունին, պիտի հաստատուին այստեղ, մարդիկ աստիճանաբար պիտի մոռնան, ու փաստը պիտի մնայ այն, որ իրենք այստեղ են արդէն։ Եւ այդ առումով շատ կարեւոր է անընդհատ յիշեցնել, որ գոյութիւն ունի միջազգային իրաւունք, եւ այդ միջազգային իրաւունքի կանոնները կը խախտուին, կը խախտուի միջազգային դատարանի որոշումը։

Այստեղ խօսքը նոյնիսկ երկու ինքնիշխան պետութիւններու սահմաններու ու սահմանազատման մասին չէ, խօսքը150 հազար մարդոց մասին է, մարդոց, որոնց բոլոր իրաւունքները ուղղակի կ'ոտնահարուին», - շեշտած է ան։

Նշենք, որ Սիւնիքի մարզն ու Ֆրանսայի Օվերնիէ-Ռոն-Ալփ շրջանը համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրած են: Համագործակցութեան նպատակներուն համապատասխան նախագիծերու պատշաճ մշակման համար պիտի ստեղծուի ղեկավար յանձնաժողով։ Կողմերը պիտի ստեղծեն գործողութիւններու ծրագիր, որ պիտի դառնայ ստորագրուած համաձայնագրի մաս։

Օվերնիէ-Ռոն-Ալփ շրջանի նախագահ Լորան Վոքիեն այս առթիւ ըսած է․ «Ես աստիճանաբար ճանչցած ու սիրած եմ Հայաստանը ու գիտեմ, թէ ինչ պատմական ու խորհրդանշական արժէք ունի այստեղ գտնուիլը։  Իսկ ինչո՞ւ մենք այսօր այստեղ ենք․ Հայաստանի ամբողջականութեան համար պայքարը մեծապէս այստեղ պիտի որոշուի՝ Սիւնիքի մէջ, նախեւառաջ, որովհետեւ դուք միշտ կրած էք հայ դիմադրութեան ոգին, Սիւնիքը երբեք չէ ընկրկած։ Ես, որ կու գամ լեռնային երկրէ, շատ զգայուն եմ այնպիսի անհատներու հանդէպ, ինչպիսիք են Դաւիթ Բեկն ու Գարեգին Նժդեհը։ Ուստի, որպէսզի Հայաստանը յաջողութեան հասնի, պէտք է Սիւնիքը զարգանայ եւ զօրաւոր ըլլայ։ Դուք էք մեծ ճանապարհներու այն խաչմերուկը, որ կրնայ ըլլալ նաեւ Հայաստանի պաշտպանութիւնը․ այսպիսով, մեր նպատակն է հզօրացնել այս մարզը՝ համատեղ ծրագրերու ու համագործակցութեան միջոցով։ Այս պահէն սկսեալ՝ Սիւնիքի մարզի ու Օվերնիէ-Ռոն-Ալփ շրջանի ճակատագրերը համատեղուած են, այդ կը նշանակէ՝ ան որ յարձակի Սիւնիքի վրայ, կը յարձակի Օվերնիէ-Ռոն-Ալփի վրայ»։