Աշխարհի առաջնորդները կը շնորհաւորեն Հայաստանի անկախութեան տօնը

2021-09-21
Image

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը շնորհաւորական ուղերձներ յղեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 30-րդ տարեդարձին առթիւ: Ռուսիոյ նախագահը նշեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ հաստատուած է սերտ համագործակցութիւն մը տարբեր ոլորտներու մէջ եւ կառուցողական փոխգործակցութիւն ԵԱՏՄ, ՀԱՊԿ եւ ԱՊՀ շրջանակներէն ներս:

«Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը հիմնուին բարեկամութեան, մշակութային եւ հոգեւոր մտերմութեան բարի աւանդոյթներու վրայ: Անոնց յետագայ զարգացումը դաշնակցային ոգիով, անկասկած, կը համապատասխանէ մեր եղբայրական ժողովուրդներու արմատական շահերուն», – ընդգծեց Ռուսիոյ նախագահը:

Հայաստանի անկախութեան 30-րդ տարեդարձին առթիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին շնորհաւորական ուղերձ յղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը: Ան նշեց, որ յառաջիկայ տարիներուն պատրաստ են հայ ժողովուրդին աջակցելու՝ ժողովրդավարական իր ուղին անցնելու ճամբին` աջակցելով մասնաւորաբար ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման, մարդու իրաւունքներու յառաջմղումին, կաշառակերութեան դէմ պայքարի եւ իրաւունքի գերակայութեան ապահովման ջանքերուն։

«Վերջին տարուան ընթացքին հայ ժողովուրդը բախեցաւ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու, որոնց ընթացքին եղան մարդկային ողբերգական կորուստներ՝ Արցախեան հակամարտութեան մարտական գործողութիւններուն ընթացքին։ Կիսելով հայ ժողովուրդին վիշտը՝ մենք ձեռք-ձեռքի տուած պիտի աշխատինք ձեր կառավարութեան հետ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին եւ այլ տարածաշրջանային ձեւաչափերով՝ խթանելու համար տարածաշրջանային կայունութիւնն ու կարգաւորելու համար հակամարտութիւնը։ Միացեալ Նահանգները պիտի շարունակէ միջոցներ գործադրել Ատրպէճանի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման ուղղութեամբ», - ըսաւ ԱՄՆ նախագահը։

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը ՀՀ անկախութեան 30-ամեակի առթիւ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Նախագահ Արմէն Սարգսեանին։ Մաքրոնը նշեց, որ Ֆրանսան կը փափաքի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան դերակատար ըլլալ, եւ այդ ոգիով է, որ Հայաստանի կողքին է՝ անոր օգնելու յաղթահարել Արցախեան արիւնալի պատերազմէն մէկ տարի անց իր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները:

«Մենք ջանք պիտի չխնայենք՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան շրջանակին մէջ գտնելու հակամարտութեան տեւական լուծումներ եւ հանգելու Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի կայունացման՝ ի նպաստ տարածաշրջանի զարգացման եւ բարգաւաճման: Այդ մէկը կ’ենթադրէ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէճանի միջեւ երկխօսութեան վերսկսում՝ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ: Ֆրանսան, որպէս համանախագահող երկիր, պատրաստակամ է իր աջակցութիւնը ցուցաբերել այդ հարցին շուրջ: Այս խորհրդանշական առթիւ, վերահաստատելով բարեմաղթանքներս՝ կը խնդրեմ, որ ընդունեք յարգանքներուս խորին հաւաստիքը»,- ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը։

Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքօն Հայաստանի Անկախութեան օրուան առթիւ շնորհաւորական ուղերձներ յղեց նախագահ Արմէն Սարգսեանին եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Լուքաշենքօն ընդգծեց, որ անկախութեան 30 տարիներուն ընթացքին Պելառուսիան եւ Հայաստանը պահպանած ու ամրապնդած են երկկողմ կապերը:

«Համոզուած եմ, որ բարեկամութեան պատմական յարաբերութիւնները, վստահութեան վրայ հիմնուած սերտ ներանձնական շփումներն ու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը ամբողջացուցչական տարբեր ձեւաչափերու մէջ, պիտի շարունակեեն ամուր հիմք հանդիսանալ կառուցողական քաղաքական երկխօսութեան, խօստումնալից տնտեսական եւ մարդասիրական նախագիծներու իրականացման համար՝ ի շահ երկու երկիրներուն»,- կ’ըսուի շնորհաւորական ուղերձին մէջ:

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին Հայաստանի Անկախութեան տօնի առթիւ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան նախագահ Սի Ծինփինը: 

«Ներկայիս կը պահպանուի Չինաստանի եւ Հայաստանի միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման շարժը: Չինաստանն ու Հայաստանը իրարու կ’աջակցին երկու երկիրներուն առանցքային շահերը ներկայացնող հարցերուն շուրջ, կայուն կերպով կը զարգանայ նաեւ «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութեան համատեղ կառուցման շրջանակներուն մէջ համագործակցութիւնը, նշանակալի ձեռքբերումներ կ’արձանագրուին թագաժահրի համաճարակին դէմ համատեղ պայքարին մէջ», - ըսաւ Չինաստանի նախագահը։

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առթիւ շնորհաւորական ուղերձներ յղեց Քաթարի պետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը: Քաթարի իշխան Թամիմ պըն Համատ երկրորդը ուղերձ մը յղեց Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին՝ շնորհաւորելով երկրի անկախութեան 30-րդ տարեդարձը: Քաթարի վարչապետ, ներքին գործոց նախարար Ապտալլահ պըն Նասեր պըն Խալիֆա երկրորդը իր կարգին շնորհաւորական ուղերձ յղեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:

Օմանի Սուլթանութեան նորին մեծութիւն սուլթան Հայթամ պըն Թարիքը շնորհաւորական ուղերձ յղեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին՝ երկրի անկախութեան 30-ամեակին առթիւ։ Նորին մեծութիւնը հեռագրին մէջ իր անկեղծ զգացմունքներն ու լաւագոյն մաղթանքները յայտնած է նախագահ Սարգսեանին: Նորին մեծութիւնը Հայաստանի բարեկամ ժողովուրդին մաղթեց նաեւ յետագայ յառաջընթաց եւ բարգաւաճում: