Ատելութիւնն ու բռնութիւնը այլեւս երբեք պէտք չէ անտարբերութեան մատնուին. Ցեղասպանութեան տարելիցին Գանատայի վարչապետին ուղերձը

2022-04-25
Image

Այսօր մենք կը միանանք Գանատայի եւ ամբողջ աշխարհի հայ համայնքին` յարգելու մարդկութեան պատմութեան ամենամութ էջերէն մէկուն` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը: Մենք յարգանքի տուրք կը մատուցենք նաեւ անոնց ժառանգներուն, այդ շարքին` գանատահայերուն, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են եւ շարունակեն օգնել ուժեղ, բազմազան երկիր կառուցելու հարցուվ որ մենք այսօր կը վայելենք: Այս մասին կ'ըսուի Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի յայտարարութեան մէջ` նուիրուած Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին:

«1915-1923 թուականներոն տեղի ունեցած վայրագութիւնները, եւ զոհերու սարսափազդու թիւը երբեք պէտք չէ մոռացուին: 2015-ին` ողբերգութեան մեկնարկէն 100 տարի անց, խորհրդարանը ընդունած է Ապրիլ 24-ը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակման օր հռչակելու առաջարկը, ամսաթիւ, որ այդ օրուընէ կը յիշեցնէ կորուստներու, վէրքերու, ցաւի մասին եւ կ'երաշխաւորէ որ այդ վայրագութիւնները երբեք չկրկնուին:  

Ատելութիւնն ու բռնութիւնը այլեւս երբեք պէտք չէ անտարբերութեան մատնուին: Մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է իր դերը խաղայ` ապահովելու, որ նման դաժանութիւն այլեւս երբեք չկրկնուի»: