Ատրպէյճանը հետախուզում յայտարարած է Սամուէլ Կարապետեանի ու Արա Աբրահամեանի նկատմամբ
Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը հետախուզում յայտարարած է ռուսաստանցի խումբ մը հայ գործարարներու նկատմամբ՝ Ռուսաստանի հայերու միութեան նախագահ Արա Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ։
Կը ներկայացնենք Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան յայտարարութեան անհեթեթ գրութիւնը այնպէս, ինչպէս այն հրապարակուած է ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու մէջ.
«Ատրպէյճանական Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազութեան կողմէ իրականացուած է հետաքննութիւն շարք մը ԶԼՄ-ներու եւ ընկերային ցանցերու մէջ հրապարակուած տեղեկատուութեան հիման վրայ Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ այնտեղէն Ատրպէյճանի Լեռնային Ղարաբաղի շրջան զէնքի եւ ռազմական սարքերու ապօրինի ներկրման մասին։
Պարզուած է, որ «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբի ղեկավար Սամուէլ Սարգսի Կարապետեանը, որ Հայաստանի մէջ յայտնի է որպէս «գորշ գործարար», եւ «Royalsys Engineering»-ի սեփականատէր Դաւիթ Գալստեանը, «KOMEX» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Արա Արշաւիրի Աբրահամեանը եւ այլք Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերուն զէնքով, զինամթերքով, պայթուցիկ նիւթերով եւ ռազմական սարքերով զինելու նպատակներով, խախտելով Միջազգային բեռնափոխադրումներու մաքսային համաձայնութիւնը եւ Եւրոպայի մէջ սովորական սպառազինութիւններու սահմանափակման պայմանագիրը, 2001-2021 թուականներու ընթացքին ուղեւորատար օդանաւերու, Հայաստանի ՌՕՈւ Ил-76 ТД բեռնատար օդանաւի, ինչպէս նաեւ Արա Աբրահամեանի ձեռք բերած «Իլիուշին-76ТД» բեռնատար օդանաւի միջոցով կազմակերպած են ապօրինի ճանապարհով ձեռք բերուած խոշոր տրամաչափի մարտական հրազէնի, զինամթերքի, պայթուցիկ նիւթերու եւ սարքերու մաքսանենգութիւն օդային ճանապարհով դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ այնտեղէն՝ Հայաստանի կողմէ բռնագրաւուած Լեռնային Ղարաբաղ եւ Ատրպէյճանական Հանրապետութեան յարակից շրջաններ։
20 Ապրիլ 2021-ին գլխաւոր դատախազութիւնը յարուցած է քրէական գործ Քրէական օրէնսգիրքի համապատասխան յօդուածներով, գործով քննութիւնը յանձնարարուած է գլխաւոր դատախազութեան Քննչական վարչութեան։
Սամուէլ Սարգսի Կարապետեանը, Դաւիթ Գալստեանը եւ Արա Աբրահամեանը կը մեղադրուին Քրէական օրէնսգիրքի 100.1, 218.1, 228.3, 279.1 եւ 206.4 յօդուածներով, անոնց նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է ձերբակալութիւնը, եւ անոնց բոլորի հանդէպ յայտարարուած է միջազգային հետախուզում։
Վերոնշեալ քրէական գործի առնչութեամբ գլխաւոր դատախազութիւնը հարցում ուղարկած է արտասահմանեան երկիրներու համապատասխան պետական մարմիններուն իրաւական օգնութեան ցուցաբերման համար։
Գլխաւոր դատախազութիւնը կը յայտարարէ, որ կը ձեռնարկուին բոլոր հնարաւոր միջոցները այդ եւ նման այլ յանցագործութիւններու մէջ մեղաւորները միջազգային իրաւունքին համապատասխան պատասխանատուութեան ենթարկելու համար»։