Ատրպէյճանը պատրաստակամութիւն յայտնած է լուծելու Հայաստանի հետ սահմանի հարցը

2021-05-31
Image

Պաքուն կը սատարէ ատրպէյճանահայկական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցով եռակողմ յանձնաժողով ստեղծելու Մոսկուայի առաջարկին, ատրպէյճանական կողմը պատրաստ է կառուցողական աշխատանքի Երեւանի հետ, ըսած է Ատրպէյճանի վարչապետ Ալի Ասատովը: Կը հաղորդէ Ria.ru-ն։

Ատրպէյճանի վարչապետը  ելոյթ ունեցած է Մինսքի մէջ՝ ԱՊՀ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու հանդիպման ժամանակ:

«Ատրպէյճանը սկսած է սահմանային ենթակառուցուածքներու որոշման գործընթացը եւ պատրաստ է կառուցողական լուծման Հայաստանի հետ սահմանագծման  հարցով: Այդ կապակցութեամբ Ատրպէյճանը կը սատարէ ռուսական կողմի առաջարկին՝ սահմանազատման եւ սահմանագծման եռակողմ յանձնաժողով ստեղծելու վերաբերեալ: Սահմանային գիծերու որոշումը տեխնիկական գործընթաց է, եւ այդ գործընթացը պէտք է հիմնուած ըլլայ միջազգային լուրջ իրաւական հիմքի վրայ», – մէջբերած է Ասատովի մամուլի ծառայութիւնը: