Ատրպէյճանը պարտաւոր է բանալ Լաչինի միջանցքը․ Արդարադատութեան միջազգային դատարան

2023-02-22
Image

Արդարադատութեան միջազգային դատարանը 22 Փետրուարին հրապարակեց Բերձորի (Լաչին) միջանցքը վերաբանալու վերաբերեալ ժամանակաւոր միջոց կիրառելու Հայաստանի պահանջի մասին որոշումը՝ հասնելով այն եզրակացութեան (2ի դէմ 13 քուէներով), որ Ատրպէյճան պարտաւոր է, իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն համաձայն, ձեռնարկել իրմէ կախեալ բոլոր միջոցները, որպէսզի ապահովէ անձերու եւ փոխադրական միջոցներու անխափան տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով՝ երկու ուղղութեամբ:

Հայաստանի կողմէ ներկայացուած հրատապ միջոցներուն առնչութեամբ Դատարանը գտաւ, որ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապը Լաչինի միջանցքով խաթարուած է: Դատարանը նշեց, որ այս իրավիճակը յառաջացուցած է շարք մը հետեւանքներ, եւ որ այդ ազդեցութիւնը կը պահպանուի մինչ օրս: Դատարանը նշեց, որ իր տրամադրութեան տակ եղած տեղեկատուութիւնը ցոյց կու տայ, որ Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի խափանումը խոչընդոտած է Լեռնային Ղարաբաղի հիւանդանոցներուն մէջ գտնուող հայ ազգային պատկանելիութիւն ունեցող անձերու՝ անյետաձգելի բժշկական օգնութեան համար Հայաստանի բժշկական հաստատութիւններ տեղափոխումը: Դատարանը նաեւ նշեց, որ ապացոյցները ցոյց կու տան, որ խոչընդոտներ առկայ են Լեռնային Ղարաբաղ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու ներմուծման համար` յառաջացնելով սնունդի, դեղորայքի եւ կեանքի համար անհրաժեշտ այլ բժշկական պարագաներու պակաս:

Դատարանը բաւարար չհամարելով Ատրպէյճանի հաւաստիացումներն ու յանձնառութիւնները առ այն, որ Ատրպէյճանը կը շարունակէ ապահովել Լաչինի միջանցքով անձերու, փոխադրական միջոցներու եւ բեռներու անվտանգ տեղաշարժը, բաւարերեց Հայաստանի ժամանակաւոր միջոց կիրառելու պահանջը եւ պարտաւորեցուց Ատրպէյճանին` մինչեւ Հայաստան ընդդէմ Ատրպէյճանի գործով վերջնական որոշման կայացումը` ձեռնարկել բոլոր միջոցները երաշխաւորելու Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրական միջոցներու եւ բեռներու` երկու ուղղութիւններով անխափան տեղաշարժը:

Անդրադառնալով Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի ներկայացուցած ենթադրեալ ականապատման վերաբերեալ պահանջներուն` Դատարանը ամբողջութեամբ մերժած է այդ պահանջները:

Հայաստանը հետամուտ պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի կողմէ դատարանի որոշումներու կատարման եւ պիտի ծանուցէ դատարանին Հայաստան ընդդէմ Ատրպէյճանի դատական գործի քննութեան ամբողջ ժամկէտի ընթացքին ի յայտ եկած որեւէ խախտման մասին: