Ատրպէյճանը պէտք է հասկնայ, որ իր չարամիտ գործունէութեան հետեւանքով պիտի առերեսուի լուրջ հետեւանքներու․ Մենենտես

2021-05-14
Image

Ատրպէյճանական զօրքերու կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի խախտումը վտանգաւոր եւ յարձակման անօրինական դրսեւորում է, որ կ'ընդգծէ այն մշտական վտանգը, որուն շարունակ կը բախուի հայ ժողովուրդը, ըսուած է ԱՄՆ Սենատի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնաժողովի նախագահ Պոպ Մենենտեսը իր յայտարարութեան մէջ, ուր անդրադարձած է Սիւնիքի մէջ Ատրպէյճանի ապօրինի ներթափանցման:

«Այսօր ԱՄՆ-ի մէջ Հայաստանի դեսպանի հետ իմ զրոյցէն ետք յստակ դարձաւ, որ Միացեալ Նահանգները եւ միջազգային հանրութիւնը որպէս ամբողջութիւն պէտք է վճռականօրէն արձագանգէ այս ներխուժման, որպէսզի Ատրպէյճանը հասկնայ, որ իր չարամիտ գործունէութեան հետեւանքով պիտի առերեսուի լուրջ հետեւանքներու։

Կոչ կ'ընեմ Պայտընի վարչակազմին զբաղուելու այդ հարցով բարձրագոյն մակարդակով՝ յստակեցնելով, որ Ատրպէյճանը պէտք է յարգէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, եւ որ հետագայ սպառնալիքներն ու յարձակումը անընդունելի են»։