Ատրպէյճանի ահաբեկման քաղաքականութեան հիմնական նպատակը ցեղային զտում իրականացնելն է. ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մօտ ՀՀ ներկայացուցիչ

Ապրիլ 4-ին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գործադիր խորհուրդի լիագումար նիստիմ ժամանակ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ, դեսպան Քրիսթիան Տէր Ստեփանեանը հանդէս եկաւ ելոյթով: Այս մասին հաղորդում է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Իր ելոյթին մէջ դեսպանը անդրադարձ կատարեց Ատրպէյճանի կողմէ այս օրերուն իրականացուող սադրիչ գործողութիւններուն, որոնք կը խախտեն Արցախի հայութեան կենսական իրաւունքները, այդ շարքին` կրթութեան իրաւունքը: Նշուեցաւ, որ մի քանի շաբաթ շարունակ խափանուած պահելով Լեռնային Ղարաբաղը մատակարարող կազատարի աշխատանքը` ձմեռնային ցուրտ եղանակային պայմաններուն մէջ Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը մատնուած էր իրական մարդասիրական աղէտի:
Դեսպան Քրիսթիան Տէր Ստեփանեանը մտահոգութիւն յայտնեց Մարտ 24-ին եւ 25-ին ատրպէյճանական զինուժին կողմէ հայկական քաղաքացիական ենթակառուցուածքները ռմբակոծելու եւ Լեռնային Ղարաբաղի Փարուխ գիւղ ներթափանցելու դէպքերուն առնչութեամբ` կոչ ընելով միջազգային հանրութեան՝ միջոցներու ձեռնարկելու` Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակի վատթարացումը կանխելու համար:
Ընդգծուեցաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող բռնութեան եւ ահաբեկման քաղաքականութեան հիմնական նպատակը ցեղային զտումներու իրականացումն է, որ կ'ուղեկցուի հայկական մշակութային արժէքներու նկատմամբ աւերածութիւններու եւ վանտալիզմի գործողութիւններու իրականացմամբ ու հայկական մշակութային ժառանգութիւնը իւրացնելու փորձերով:
Նշուեցաւ, որ մէկ տարիէ աւելի է, ինչ Ատրպէյճանի կողմէ կ'արգելակուի ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի փորձագիտական առաքելութան իրականացումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ` ականատես ըլլալու հայկական մշակութային ժառանգութեան դէմ իրականացուած աւերածութիւններուն եւ վանտալիզմի այլ գործողութիւններուն:
Դեսպանին կողմէն վերահաստատուեցաւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ արագ գործելու անհրաժեշտութիւնը` կոչ ուղղելով ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր տնօրէնին շարունակելու ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ փորձագիտական անկախ առաքելութիւն ուղարկելու ուղղութեամբ: