Ատրպէյճանի առաւելապաշտական նկրտումները կը նպաստեն կացութեան սրացման հաւանականութեան բարձրացման․ Միրզոյեան՝ Պորելին

1 Դեկտեմբերին, ԵԱՀԿի նախարարական 29րդ համաժողովի ծիրին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ ապահովական քաղաքականութեան հարցերու Բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելի հետ: «Արմէնփրէս»ը այս մասին տեղեկացաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն:
Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն գործընկերութեան աշխոյժ զարգացման համար, միտքեր փոխանակեցն երկկողմ օրակարգի ընդլայնման շուրջ:
Հանդիպման ընթացքին, Միրզոյեանի եւ Պորելի ուշադրութեան կիզակէտը հանդիսացան տարածաշրջանային կայունութեան եւ ապահովութեան հարցերը:
Միրզոյեան ընդգծեց Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու հայկական կողմին յանձնառութիւնը եւ բարձր գնահատեց այս ուղղութեամբ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը: Ան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի ոչ-կառուցողական դիրքորոշումը եւ առաւելապաշտական նկրտումները կը խոչընդոտեն խաղաղութեան հասնելու նպատակով գործադրուող ջանքերը եւ պատճառ կը դառնան կացութեան սրացման հաւանականութեան բարձրացման: Շեշտուեցաւ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի յարձակումներու արդիւնքներու վերացման անհրաժեշտութիւնը:
Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան տեղակայումը Հայաստանի մէջ եւ քննարկեցին անոր գործունէութեան վերաբերող հարցեր: