Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է Փաշինեանի յայտարարութեան

2023-03-24
Image

Խաղաղութեան պայմանագրի հասնելու համար Հայաստանը պէտք է «բարեխղճօրէն» բանակցի. այս մասին գրած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Այխան Հաճիզատէն՝ ի պատասխան Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի «թուիթին»։

Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

«Մեր տարածաշրջանին մէջ պէտք է գերակայէ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքը, եւ ցանկացած սրացում պէտք է լուծուի միջազգային իրաւունքի չափանիշերու եւ սկզբունքներու հիման վրայ: Միջազգային հանրութիւնը կը սատարէ այս նարատիւին (պատում)»,- ի պատասխան գրած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը:

Նշենք, որ աւելի վաղ Փաշինեան Twitter-ի իր էջին գրած էր, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր պիտի ըլլայ, եւ այն հիմնուած պիտի ըլլայ ամենաբարձր մակարդակով ընդունուած համատեղ պաշտօնական յայտարարութիւններու վրայ:

«Նոր էսկալացիա չի լինի, միջազգային հանրութիւնը պէտք է վճռականօրէն աջակցի այս նարատիւին»,- գրած է Փաշինեան: