Ատրպէյճանի զինուած ուժերը խախտած են եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները. ՌԴ ՊՆ՝ ատրպէյճանական կողմի՝ Փառուխ գիւղ ներխուժման մասին

2022-03-28
Image

Մարտ 24-էն 25-ը Ատրպէյճանի զինուած ուժերը, խախտելով Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 2020 թուականի Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթները, մտած են Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան գօտի եւ դիտակէտ տեղադրած: Փառուխ բնակավայրի շրջանին Լեռնային Ղարաբաղի զինուած կազմաւորումներու ստորաբաժանումներու ուղղութեամբ «Bayraktar-TB 2» տեսակի անօդաչու թռչող սարքով չորս հարուած հասցուած է: Այս մասին ըսուած է ՌԴ ՊՆ-ի տեղեկագրով։

«Ներկայիս ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութիւնը միջոցներ կը ձեռնարկէ իրավիճակը կարգաւորելու եւ զօրքերը ելման դիրքեր վերադարձնելու համար: Ատրպէյճանական կողմին զօրքը ետ քաշելու կոչ կատարուած է»,- ըսուած է ՌԴ ՊՆ-ի տարածած հաղորդագրութեան մէջ։