Ատրպէյճանցի յատուկ ջոկատայիններ Լաչինի միջանցք բերուած են

Լաչինի միջանցքին մէջ Արցախ-Հայաստան միակ ճանապարհը փակող ատրպէյճանցի «բնապահպաններուն» յատուկջոկատայիններ աւելցած են։
Ատրպէյճանական ԶԼՄ-ներու հաղորդմամբ՝ ոստիկանութեան յատուկջոկատայինները ուղարկուած են «արշաւի մասնակիցներն ու լրագրողները ռուս խաղաղապահներէն պաշտպանելու համար»։
Նկատենք, որ դատելով ատրպէյճանցի «բնապահպաններու» նկարահանած քատրերէն՝ խաղաղապահները «բնապահպաններէն» ու «լրագրողներէն» պաշտպանելու ճիշդ ժամանակն է։ Նկարներէն կ'երեւայ, որ անոնք ամէն կերպ կը սադրեն խաղաղապահները՝ կը հրեն, խոսափողներ կը խոթեն բերանները, կը սուլեն, կը պոռան, կ'ոռնան եւ խաղաղապահներուն ցոյց կու տան «գորշ գայլեր»ու նշանը,- գրած է «News.am»ը: