Արայիկ Յարութիւնեան պարգեւատրուած է Իտալիոյ նախագահի կողմէ

2022-04-13
Image

ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեանն Իտալիոյ նախագահի կողմէ պարգեւատրուած է «Իտալիոյ Հանրապետութեան մատուցած ծառայութիւններու համար» շքանշանով՝ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ ունեցած ներդրման համար:

Այս մասին Յարութիւնեանը գրած է «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին:

Գրառման մէջ նաեւ ըսուած է. «Շնորհակալութիւն, մեծ պատիւ է արժանանալ նման շքանշանի»: