Արարատ Միրզոյեանի հրաւէրով աշխատանքային այցով Հայաստան կը գտնուի Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան գլխաւոր տնօրէնը

Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան գլխաւոր տնօրէն Ռաֆայէլ Մարիանօ Կրոսին 4 հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ պիտի հանդիպի ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի մամուլի խօսնակ Վահան Յունանեանը։
Կրոսին Հայաստան պիտի ժամանէ Միրզոյեանի հրաւէրով։
«Նա Հայաստանում կը գտնուի հոկտեմբերի 4-5-ը։ Այցի շրջանակներում Կրոսիին կ'ընդունեն ՀՀ նախագահը, վարչապետը, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքների, առողջապահութեան նախարարները»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Նշուած է, որ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան գլխաւոր տնօրէնը պիտի այցելէ նաեւ Հայկական աթոմային ելեկտրակայան, Ֆանարճեանի անուան ուռուցքաբանութեան ազգային կեդրոն, ինչպէս նաեւ դասախօսութեամբ հանդէս պիտի գայ Երեւանի պետական համալսարանի (ԵՊՀ) ուսանողներու համար։