Արարատ Միրզոյեանն ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ԱՄՆ համանախագահը

2022-04-18
Image

Ապրիլ 18-ին ՀՀ ԱԳ նախարար Արարատ Միրզոյեանն ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու համանախագահ Էնտրու Շոֆերը:

Էնտրու Շոֆեր հանդիպումներուն ընթացքին շեշտեց, թէ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն հաւատարիմ մնալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ իրենց ստանձնած իրաւագիրին:

Զրուցակիցները փոխանակեցին համապարփակ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ Հայաստանի եւ Ատրպէճանի միջեւ բանակցութիւններ սկսելու վերաբերեալ միտքեր: Այդ ծիրէն ներս Արարատ Միրզոյեանը ընդգծեց ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն միջնորդական դերը:

Կարեւորուեցաւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի ստեղծման վերաբերեալ համաձայնութիւններուն իրականացումը:

Արարատ Միրզոյեանը Էնտրու Շոֆերին ներկայացուց Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։ Կողմերը մանրամասնօրէն քննարկեցին 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով յառաջացած մարդասիրական խնդիրները, մասնաւորապէս՝ հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձանց անյապաղ ազատ արձակման եւ հայրենադարձման, ատրպէճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութեան պահպանման հարցերը։