Արցախեան պատերազմի առաջին տարելիցին Պաքուն դիմած է Երեւանին

2021-09-27
Image

Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն արցախեան 44-օրեայ պատերազմի առաջին տարելիցին հանդէս եկած է յայտարարութեամբ` խօսելով «Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման պատրաստակամութեան» մասին։

«Ատրպէյճանը պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու, մասնաւորապէս ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ միջազգային սահմաններու անխախտելիութեան հիման վրայ։ Մենք կոչ կ'ընենք Հայաստանին յարգելու այդ հիմնարար սկզբունքները եւ պահպանելու իր միջազգային պարտաւորութիւնները՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն, անվտանգութիւն եւ բարգաւաճում ապահովելու նպատակով», - ըսուած Է յայտարարութեան մէջ:

 

Յիշեցնենք` 2020-ի 27 Սեպտեմբերի վաղ առաւօտեան Ատրպէյճանը Թուրքիոյ աջակցութեամբ լայնածաւալ ռազմական յարձակում սկսաւ արցախա–ատրպէյճանական սահմանի ողջ երկայնքով։