Արցախի տարածքներու մէկ մասի զաւթումը չի կրնար համարուիլ հակամարտութեան կարգաւորում. ՀՀ ԱԳ նախարար

2021-02-23
Image

Ակնյայտօրէն աւելցած են Թուրքիոյ յաւակնութիւնները տարածաշրջանին մէջ: Հայ ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովումը տարածաշրջանին մէջ եղած է եւ կը մնայ մեր արտաքին քաղաքականութեան առանցքային ուղղութիւնը:  Այս մասին ըսած է ՀՀ ԱԳ նախարար Արա Այվազեանը՝ ԱԺ տարածաշրջանային եւ եւրասիական ինթեկրման հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստին, որուն ընթացքին կը քննարկուին յետպատերազմեան Հայաստանի մէջ տարածաշրջանային եւ եւրասիական ինթեկրման (համարկման) ներկայ մարտահրաւէրները:

«Ղարաբաղեան հակամարտութեան չլուծուածութիւնը կը շարունակէ մնալ տարածաշրջանային առանցքային մարտահրաւէրներէն մէկը: Թուրքիոյ աջակցութեամբ եւ անմիջական մասնակցութեամբ՝ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ ուժի կիրառման հետեւանքները եւ Արցախի տարածքներու մէկ մասի զաւթումը չեն կրնար համարուիլ հակամարտութեան կարգաւորում: Միայն քաղաքական բանակցուած կարգաւորումը, որ կը յարգէ բոլորի իրաւունքները եւ կ'որոշէ Արցախի վերջնական կարգավիճակը, կրնայ համարուիլ հակամարտութեան վերջակէտը»,- նշած է նախարարը:

Առաջնահերթ պէտք է ձեւաւորուի խաղաղութեան նպաստող միջավայր, իսկ ատոր նախադրեալները ատրպէյճանական կողմէն նկատելի չեն, որ կը վկայէ 9 նոյեմբերին եռակողմ յայտարարութեան մարդասիրական հատուածի չկատարումը, որ կ'արտայայտուի գերիներու հայրենադարձման ուղղութեամբ խոչընդոտներու հարուցմամբ:

«Միեւնոյն ժամանակ մեր դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ. Մինսքի խումբի համանախագահութիւնը ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման միակ միջազգայնօրէն ճանչցուած ձեւաչափն է, եւ մենք պիտի շարունակենք սատարել այդ ձեւաչափին: Տարածաշրջանին մէջ մենք կ'ակնկալենք տեսնել ուժեղ համանախագահութիւն, որ առաջին հերթին կը կարողանայ ապահովել իր մանտաթի բովանդակութիւնը, մասնաւորապէս՝ խաղաղ գործընթացի առաջմղումը»,- նշած է Այվազեան: