Աւստրալիոյ ծերակուտական Ռէյչըլ Սիուերթը խոստացած է ճանչնալ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնները

Արեւմտեան Աւստրալիոյ ծերակուտական Ռէյչըլ Սիուերթը միացած է «Համատեղ արդարադատութեան նախաձեռնութեան» եւ խոստացած է ճանչնալ հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները։ Այս մասին իր պաշտօնական կայքին մէջ յայտնած է Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբը։
Ծերակուտականը հաստատած է, որ կ'աջակցի «Համատեղ արդարադատութեան նախաձեռնութեան», որ Աւստրալիոյ դաշնային կառավարութեան կոչ կ'ընէ ճանչնալու 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութիւնը։
«Համատեղ արդարադատութեան նախաձեռնութիւն»-ը 2020 թուականի Փետրուարին ստորագրուած է Աւստրալիոյ խորհրդարանին մէջ՝ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախմբի, Ասորիներու ազգային խորհուրդի եւ Աւստրալիոյ յունական խորհուրդի կողմէ, որոնք իրենց համայնքներու անունով Աւստրալիոյ կողմէ հայկական, յունական եւ ասորական ցեղասպանութիւններու ճանաչումը կը յայտարարեն առաջնահերթութիւն։
Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հայկ Կայսերեանն ըսած է, որ «Համատեղ արդարադատութեան նախաձեռնութիւնը» հպարտ է իր կազմին մէջ եւս մէկ խորհրդարանականի ըլլալու առթիւ։