Գերմանիայէն 15 ոստիկաններ պիտի դիտարկեն հայ-ատրպէյճանական սահմանը

2023-02-16
Image

Գերմանիայէն 15 ոստիկաններ պիտի մասնակցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հրադադարի ռեժիմի պահպանման միջազգային առաքելութեան, անզէն իրաւապահները սահմանին պարեկութիւն պիտի իրականացնեն հայկական կողմէն: Այս մասին Պերլինի մէջ յայտարարեց կառավարութեան բանբեր Շտեֆեն Հեպեշթրէյթ

«Նոր առաքելութիւնը անհրաժեշտ է, քանի որ իրավիճակը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին կը շարունակէ լարուած մնալ»,- աւելցուցած է ան:

Գերմանիոյ կառավարութիւնը կ՛առաջարկէ նաեւ քաղաքացիական փորձագէտներ ուղարկել:

Ընդհանուր առմամբ շուրջ 100 կիներ եւ տղամարդիկ պիտի մասնակցին Եւրոպական Միութեան առաքելութեան, զոր կը գլխաւորէ Գերմանիոյ դաշնակցային ոստիկանը:

Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանագօտիի դիտարկումը պիտի մեկնարկի յաջորդ երկուշաբթի։ Անոր յայտարարուած նպատակը անզէն պարեկներու օգնութեամբ հրադադարի պահպանման հետեւիլն է։

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ առաքելութեան կազմին մէջ Ֆրանսայէն ութ ոստիկան պիտի ընդգրկուի։