Դադրեցնել հայերու դէմ ատելութեան հրահրումը. ՄԱԿ-ի դատարանէն կոչ

Հաագայի մէջ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան միջազգային դատարանը Ատրպէյճանէն պահանջած է դադրեցնել հայերու դէմ ցեղային ատելութեան հրահրումը։
ՀՀ-ն ու Ատրպէյճանը զիրար կը մեղադրեն ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային համաձայնագիրը (ICERD) խախտելու մէջ եւ միջնորդած են շտապ քայլեր ձեռնարկել։
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբերին, Երեւանը հայց ներկայացուցած էր Պաքուի դէմ՝ ցեղային խտրականութեան մասին միջազգային համաձայնագիրի վեց յօդուած խախտելու մեղադրանքով, ներկայացնելով նաեւ ապացոյցներ Ատրպէյճանի մէջ հայ ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձերու նկատմամբ խոշտանգումներ եւ նուաստացումներ իրականացնելու փաստերու վերաբերեալ։
Հայաստանը ՄԱԿ-ի դատարանէն խնդրած է նաեւ մինչեւ բուն գործով վճիռ կայացնելը միջանկեալ միջոցներ կիրառել՝ Ատրպէյճանին պարտաւորեցնելով առաջին հերթին ազատ արձակել հայ ռազմագերիներն ու փակել Պաքուի «ռազմավարի պուրակը»։
Պաքուն հակընդդէմ հայց ներկայացուցած է եւ ՀՀ-ն մեղադրած նոյնանման արարքներու մէջ։