Դիտորդները շուտով Հայաստան պիտի ժամանեն

2023-02-20
Image

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն տեր Լայեն «Թուիթըր»-ի իր էջին գրած է, որ Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի հաւատարիմ գործընկերն է եւ պիտի շարունակէ զարգացնել ԵՄ տնտեսական եւ ներդրումային ծրագրի ներուժը։

«Ուրախ էի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպելուս։ ԵՄ-ն Հայաստանի հաւատարիմ գործընկերն է։ Յաջորդ շաբաթ ԵՄ-ն 100 հոգինոց առաքելութիւն պիտի ուղարկէ, որ պիտի նպաստէ խաղաղութեանն ու կայունութեան։ Մենք կ'ողջունենք ժողովրդավարական բարեփոխումներու իրականացման ուղղութեամբ արձանագրուած առաջընթացը եւ պիտի շարունակենք զարգացնել մեր տնտեսական եւ ներդրումային ծրագրի ներուժը»,- Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն ետք գրած է Ուրսուլա Ֆոն տեր Լայեն։