ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները կոչ ըրած են Հայաստանին ու Ատրպէյճանին թուլացնելու լարուածութիւնը

2021-11-15
Image

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները (Էնտրիւ Շոֆըր (ԱՄՆ), Իկոր Խովաեւ (ՌԴ) եւ Պրիս Ռոքֆէյ (Ֆրանսա) հանդէս եկած են յայտարարութեամբ։ Անոնք խոր մտահոգութեամբ կը դիտարկեն տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին միջադէպերը, այդ շարքին՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանի երկայնքով:

Համանախագահները կողմերուն կոչ կ'ընեն յստակ քայլեր ձեռնարկելու իրավիճակի անյապաղ ապամագլցումի համար։ Անոնք նաեւ կոչ կ'ընեն կողմերուն զերծ մնալու հրահրող հռետորաբանութենէ եւ սադրիչ գործողութիւններէ եւ ամբողջութեամբ կատարելու այն պարտաւորութիւնները, որոնք ստանձնած են նոյեմբեր 9-ի յայտարարութեան եւ հրադադարի մասին համատեղ համաձայնեցուած այլ պայմանաւորուածութիւններու շրջանակէն ներս։ 

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ վերջին շրջանին լարուածութեան աճը կ'ընդգծէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ կապուած կամ անկէ բխող մնացած հարցերու բանակցային, համապարփակ եւ կայուն կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը։

Համանախագահները կողմերուն կոչ կ'ընեն հիմնուելու Նիւ Եորքի եւ Փարիզի մէջ համանախագահներու հովանու ներքոյ կայացած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու համատեղ հանդիպումներու ընթացքին ձեռք բերուած առաջընթացի վրայ՝ շարունակելով անմիջական երկխօսութիւնը՝ նպաստել տարածաշրջանին մէջ անվտանգութեանն ու կայունութեան։