ԵԱՀԿ նախագահութիւնը կ'ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու պրիւքսէլեան հանդիպումը

2022-04-08
Image

ԵԱՀԿ նախագահութիւնը կ'ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպումը Եւրոպական խորհուրդի նախագահի հովանիին ներքոյ: Այս մասին կ'ըսուի Թուիթըրի ԵԱՀԿ Լեհաստանի նախագահութեան յայտարարութեան մէջ:

Իր յայտարարութեան մէջ նախագահութիւնը կ'ողջունէ նաեւ «խաղաղութեան հնարաւոր համաձայնագրի հասնելու գործընթացի մեկնարկը»:

«Նախագահութիւնը պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերելու Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն եւ խաղաղ միջավայր ապահովելու բոլոր ջանքերուն», կ'ըսուի յայտարարութեան մէջ: