ԵԱՏՄ քազանեան նիստին ընդառաջ Հայաստանը Կարմիր խաչին 200 գերիի ցուցակ փոխանցած է` նիստին Պաքուի հնարաւոր մասնակցութեան քննարկման առընթեր

2021-04-15
Image

ԵԱՏՄ երկիրները կը քննարկեն Ատրպէյճանի պատուիրակութեան հնարաւոր մասնակցութեան հարցը միութեան կառավարման մարմնի նիստին, բայց դեռ ատոր կը խոչընդոտեն Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ առկայ տարաձայնութիւնները, որոնք դժուար թէ վերացուին մինչեւ Քազանի մէջ կայանալիք հանդիպումը: Այս մասին գրած է ՌԲԿ-ն (ռուս.՝ РБК) յղում տալով իր հայկական, ռուսական եւ ԵԱՏՄ-ի աղբիւրներուն:

«Իրօք, կար այդ գաղափարը (Պաքուն հրաւիրելու): Մենք այնպէս չէ, որ սկզբունքօրէն դէմ ենք, մենք կ'ըսենք, որ կան չլուծուած խնդիրներ, որոնց շարքին՝ ռազմագերիներու հարցը»,-ըսած է հայկական կողմէն РБК-ի դիւանագիտական աղբիւրը:

Երեւանը կազմած է ռազմագերիներու ցուցակը, որուն մէջ կայ շուրջ 200 անուն, եւ այն արդէն փոխանցուած է Կարմիր խաչին: Այս մասին РБК-ին ըսած է հայկական կողմէն մէկ այլ զրուցակից, որ ծանօթ է թեմային:

РБК-ի հարցման Ռուսաստանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնները պատասխանած են, որ միութեան կազմին մէջ կարգավիճակ չունեցող երկիրներու խորհուրդի նիստին մասնակցութիւնը դեռ կը քննարկուի, ԵԱՏՄ անդամ երկիրներու համաձայնեցուած դիրքորոշում դեռ չկայ: