Ելիսեան պալատին մէջ տեղի ունեցած է Արմէն Սարգսեանի եւ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպումը

2020-10-23
Image

Ելիսեան պալատին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հանդիպումը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն: Զրոյցի ընթացքին Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները քննարկած են իրավիճակը ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ:

Նախագահ Սարգսեանը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Մաքրոնին՝ նշելով, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ Ֆրանսայի եւ անձամբ նախագահ Մաքրոնի ջանքերն ու դիրքորոշումը հակամարտութեան կարգաւորման հարցով:

Նախագահ Սարգսեանն ընդգծած է, որ Ատրպէյճանի կողմէ Թուրքիոյ աջակցութեամբ Արցախի/Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական յարձակումը կը շարունակի, կը թիրախաւորուին Արցախի բնակավայրերը, խաղաղ բնակչութիւնը եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները, որու հետեւանքով կան զոհեր ու վիրաւորներ քաղաքացիական բնակչութեան մէջ։ Հայաստանի նախագահը խոր մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճանին ցուցաբերուող ռազմաքաղաքական աջակցութեան առնչութեամբ, ընդգծելով, որ Թուրքիոյ՝ որպէս երրորդ կողմ նման ծաւալի ներգրաւուածութիւնը աւելի կը սրէ իրավիճակը եւ կը վտանգէ տարածաշրջանի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը: Նախագահ Սարգսեանն ըսած է, որ տարածաշրջանի համար առանձնակի սպառնալիք են Թուրքիոյ կողմէ Ատրպէյճան բերուած եւ այնուհետեւ այդ երկրի բանակի կազմին մէջ Արցախի դէմ ռազմական գործողութիւններուն մասնակցող իսլամիստ ահաբեկիչները, որոնք, չի բացառուիր, որ որեւէ ժամանակ ետք յայտնուին նաեւ այլ երկիրներու մէջ, այդ շարքին` նաեւ Եւրոպա:

Նախագահ Մաքրոն նոյնպէս մտահոգութիւն յայտնած է շարունակուող ռազմական գործողութիւններու եւ ստեղծուած իրավիճակի առնչութեամբ:

Նախագահ Սարգսեանն ու նախագահ Մաքրոն համակարծիք եղած են, որ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումն այլընտրանք չունի, եւ կարեւորած են հրադադարի հաստատման շուրջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:

Նախագահները ընդգծած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի դերը հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ եւ կարեւորած Մինսքի խումբի համանախագահութեամբ հնարաւորինս շուտ բանակցային սեղանի շուրջ վերադառնալու անհրաժեշտութիւնը:

Հայաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահները նաեւ ուրախութեամբ փաստած են, որ երկու ժողովուրդներու բազմադարեայ կապերու ու բարեկամութեան հենքի վրայ կառուցուած հայ-ֆրանսական առանձնայատուկ յարաբերութիւնները կը շարունակեն զարգանալ բարեկամութեան եւ փոխըմբռնման ոգիով:

Նշենք, որ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը Փարիզ մեկնած է Պրիւքսելէն, ուր հանդիպումներ ունեցած էր ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Եէնս Սթոլթէնպըրկի, Եւրոմիութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզէպ Պորելի, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի հետ: