ԵԽ գլխաւոր քարտուղարը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Նիկոլ Փաշինեանին

2021-06-30
Image

Եւրոպայի խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Մարիա Փէյչինովիչ Պուրիչը շնորհաւորական ուղերձ յղած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանին՝ խորհրդարանական ընտրութիւններու յաջող կայացման կապակցութեամբ: Ուղերձին մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած է.

«Յարգելի պարոն վարչապետ,

Կը շնորհաւորեմ 20 Յունիսի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու յաջող կայացման կապակցութեամբ: Կ'ողջունեմ այն փաստը, որ միջազգային դիտորդները, այդ շարքին՝ մեր խորհրդարանական վեհաժողովի պատուիրակութիւնը, այդ ընտրութիւնները գնահատեցին որպէս մրցակցային եւ ընդհանուր առմամբ լաւ կազմակերպուած:

Կարեւոր է, որ ընտրութիւններու արդիւնքները ցոյց տուիին հայ ժողովուրդի անվերապահ աջակցութիւնը Ձեր ղեկավարութեամբ իրականացուող բարեփոխումներու քաղաքականութեան: Հիմա, երբ ընտրարշաւը աւարտած է, ժամանակն է կեդրոնանալու քաղաքական կուսակցութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ կառուցողական երկխօսութեան վրայ: Այդ առումով կը հաւաստեմ բարեփոխումներու գործընթացին Հայաստանին շարունակական աջակցութիւն ցուցաբերելու Եւրոպայի խորհուրդի պատրաստակամութիւնը՝ հիմնուելով մարդու իրաւունքներու, ժողովրդավարութեան եւ օրէնքի գերակայութեան չափորոշիչներուն վրայ»: