Եւրոպական խորհուդէն դրական գնահատանք՝ կաշառակերութեան կանխարգելման մէջ Հայաստանի ձեռքբերումներուն

2023-03-27
Image

Եւրոպական խորհուդի Կաշառակերութեան դէմ պայքարի պետութիւններու խումբը (GRECO) դրական գնահատած է դատաւորներու, պատգամաւորներու եւ դատախազներու շրջանին կաշառակերութեան կանխարգելման ոլորտի մէջ Հայաստանի ձեռքբերումները:

Այս մասին յայտնած են  ՀՀ արդարադատութեան նախարարութենէն՝ նշելով, որ Եւրոպայի Խորհուրդի Կաշառակերութեան դէմ պայքարի պետութիւններու խումբը (GRECO) Հայաստանի մէջ դատաւորներու, պատգամաւորներու եւ դատախազներու շրջանին կատարած է կաշառակերութեան կանխարգելման հերթական գնահատումը (Հայաստանը 2015 թուականէն կ'անցնի այս գնահատումը)։

2019-էն ի վեր GRECO-ի յանձնարարականներու կատարման ցած մակարդակի պատճառով Հայաստանի կատարողականը գնահատուած էր «համընդհանուր անբաւարար» (18 ընդհանուր ներկայացուած յանձնարարականներէն 11-ը մնալով չկատարուած)։

2022-ին իրականացուած լայնածաւալ հակակաշառակերային եւ դատաիրաւական ոլորտի բարեփոխումներու, ինչպէս նաեւ 2023 թուականի մարտ 20-էն 24-ը Սթրասպուրկ քաղաքի մէջ կայացած GRECO-ի 93-րդ լիագումար նիստի ընթացքին Հայաստանի մշտական պատուիրակութեան լրացուցիչ քննարկումներու շնորհիւ եւս երկու յանձնարարական՝ գնահատուած է կատարուած։ Այսպիսով Հայաստանը վերջապէս դուրս եկած է GRECO-ի գնահատման անհամապատասխանութեան գործընթացէն՝ այլեւս չհամարուելով «համընդհանուր անբաւարար» կատարողական ունեցող երկիր:

ՀՀ արդարադատութեան նախարարութիւնը հետեւողական պիտի ըլլայ կաշառակերութեան դէմ պայքարի շարունակականութեան հարցով՝ յետամուտ ըլլալով GRECO-ի յանձնարարականներու լիարժէք կատարումը ապահովելուն։

Նշենք, որ Եւրոպայի Խորհուրդի Կաշառակերութեան դէմ պայքարի պետութիւններու խումբը (GRECO) Եւրոպական Խորհուրդի անդամ պետութիւններու հակակաշառակերութեան չափանիշերու պահպանման վերհսկողութեան համար ստեղծուած մարմին է, որ կը գործէ 1999 թուականէն: Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ'անդամակցի GRECO-ին 2004 թուականէն ի վեր եւ պարբերաբար կ'ենթարկուի գնահատման՝ GRECO-ի յանձնարարականներու կատարման ծիրէն ներս։