Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովը պիտի քննարկէ հայ-ատրպէճանական հակամարտութեան մարդասիրական հետեւանքները

2021-09-28
Image

Սթրազպուրկի մէջ ընթացք առաւ Եւրոպայի խորհրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին աշնանային նստաշրջանը, որ տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբեր 27-30-ը: Նստաշրջանին առաջին օրը պիտի քննարկուի իռլանտացի պատուիրակ Փօլ Կաւանի պատրաստած զեկոյցը «Հայաստանի եւ Ատրպէճանի միջեւ հակամարտութեան մարդասիրական հետեւանքները» թեմայով:

Ըստ զեկոյցի նախագծին՝ Խորհրդարանական վեհաժողովը ափսոսանք կը յայտնէ հայ-ատրպէճանական հակամարտութեան մարդասիրական ողբերգական հետեւանքներուն կապակցութեամբ: Կը նշուի, որ հակամարտութիւնը ունեցած է երկու խոշոր բռնկում, որոնցմէ մէկը տեւած է 1991 թուականի վերջերէն մինչեւ 1994 թուականը, իսկ երկրորդը 2020 թուականի վեցշաբաթեայ պատերազմն էր:

«Վերջին վեցշաբաթեայ պատերազմին ընթացքին զոհուած կամ անյայտ կորսուած է աւելի քան 3900 հայ եւ աւելի քան 2900 ատրպէճանցի, ինչպէս նաեւ զոհուած են բազմաթիւ խաղաղ բնակիչներ: Տեղահանուած է աւելի քան 91 000 հայ եւ 84 000 ատրպէճանցի», - կը նշուի զեկոյցի նախագծին մէջ:

Զեկուցող Փօլ Կաւանը նաեւ առաջարկութիւններ ներկայացուց Հայաստանին եւ Ատրպէճանին այն քայլերուն վերաբերեալ, որոնք կրնան օգնել պատերազմի մարդասիրական հետեւանքներու յաղթահարման կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ հեռանկարներուն մէջ եւ յառաջ տանիլ խաղաղութեան եւ հաշտութեան գործընթացը: Ըստ զեկուցողին՝ միջազգային հանրութիւնը, ներառեալ Եւրոպայի խորհուրդը, պատրաստակամ է օգնելու երկու երկիրներուն:

Իսկ բանաձեւի նախագծին մէջ Խորհրդարանական վեհաժողովը կը յիշեցնէ, որ 2001 թուականի յունուարին միանալով Եւրոպայի խորհուրդին՝ Հայաստանը եւ Ատրպէճանը պարտաւորուած էին բացառապէս խաղաղ միջոցներ կիրառել հակամարտութեան կարգաւորման համար: Հետեւաբար, 2020 թուականի 6-շաբաթեայ պատերազմը այդ պարտաւորութիւններուն խախտումն է, որ պէտք է պատշաճ արձագանգ ստանայ Եւրոպայի խորհուրդին կողմէ: