Զախարովան խօսած է ԼՂ-ի մէջ «Գորշ գայլեր»ու եւ Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցիներու վաճառքի մասին

2021-02-19
Image

Ռուսաստանը տուեալներ չունի այն մասին, որ «Գորշ գայլեր» կազմակերպութիւնը կը պատրաստուի ինչ-որ նախագիծեր իրականացնել Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, մասնաւորապէս Շուշի քաղաքին մէջ։ Այս մասին յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան ամէնշաբաթեայ ճեպազրոյցի ընթացքին՝ պատասխանելով հայ լրագրողուհիի հարցին։

«2020 թուականի 9 նոյեմբերի եւ սոյն թուականի 11 յունուարի Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու պայմանաւորուածութիւններու հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղը հաւաքական ջանքերով կը վերադառնայ խաղաղ կեանք, եւ ատոր համար անհրաժեշտ է, որ ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Ատրպէյճանը, ե՛ւ հարեւան բոլոր երկիրները գործեն միասնական դիրքերէ եւ աջակցին տարածաշրջանի տարածքին մէջ ապրող բոլոր ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութեան հաստատման, օգնեն տնտեսական եւ փոխադրային կապերու ապաշրջափակման, ապահովեն պատմական եւ մշակութային յուշարձաններու պահպանութիւնը», – ըսած է Զախարովան:

Ան աւելցուցած է, որ միասնական դիրքորոշումներու մասին խօսելու ժամանակ պէտք է ելլել կայուն խաղաղութեան հաստատումէն, որու հիման վրայ տարածաշրջան վերադառնալով՝ մարդիկ կը կարողանան իրենց կեանքը կառուցել շարք մը ուղղութիւններով՝ տնտեսութիւն, ֆինանսներ, տնտեսական կապեր, փոխադրութիւն, բանակավարութիւն։

Անդրադառնալով լրագրողուհիի երկրորդ հարցին՝ կապուած Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցիներու վաճառքի հետ՝ Զախարովան դժուարացած է գնահատական տալ, սակայն նշած է, որ զարմանքով կը տեղեկանայ աշխարհի մէջ պաշտամունքային կառոյցներու վաճառքի գործելակերպի մասին։ Զախարովան ըսած է, որ տուեալ պարագային խօսքը իւրաքանչիւր պետութեան ներքին օրէնսդրութեան մասին է եւ հարկաւոր է հիմք ընդունիլ տուեալ օրէնսդրութիւնը։