Զախարովա. Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի կարգաւորման աշխատանքները կ'իրականացուին ամէն օր

2021-06-04
Image

Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ իրավիճակի կարգաւորման ուղղութեամբ աշխատանքները կ'իրականացուին ամէն օր: Այս մասին «Իզվեսթիա»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:

«Այժմ խորհրդակցութիւններ եւ բանակցութիւններ կ'ընթանան արտաքին գործոց նախարարներու հետ: Մենք արտաքին գործոց նախարարութիւններու եւ դեսպանատուներու միջոցով կը շփուինք  բառացիօրէն ամէն օր: Արտաքին գործոց նախարարներու ղեկավարներու, ինչպէս Ռուսաստան-Ատրպէյճան, այնպէս ալ Հայաստանի միջոցով հեռախօսային խօսակցութիւններու մասին հաղորդագրութիւնները պարբերաբար կը հրապարակուին... մեր երկրի կողմէ վիթխարի ջանքեր ներդրուած են այս իրավիճակի լուծման համար` ինչպէս թէժ փուլին... այնպէս ալ հակամարտութեան յետսուր փուլին»,- ըսած է Զախարովան:

Ըստ անոր` խօսքը ոչ միայն քաղաքական ջանքերու, այլ նաեւ երկրի ղեկավարութեան դիւանագիտական, ինչպէս նաեւ անձնական ջանքերու մասին է: «Եւ, ի հարկէ, մեր խաղաղապահներու դերի մասին, որոնք ամէն օր կը ներդնեն իրենց ուժը, հոգին եւ ունակութիւնները, արհեստավարժութիւնն ու հմտութիւնները` իրավիճակը շտկելու համար: Եւ որպէսզի արդէն քաղաքական գործիչները, դիւանագէտները, հասարակական գործիչները կարողանան կատարել իրենց գործառոյթները: Այդ պատճառով ռուս խաղաղապահներու դերը թերագնահատել հնարաւոր չէ»,- եզրափակած է ՌԴ ԱԳՆ ներկայացուցիչը: