Էրտողան-Փաշինեան հանդիպումը՝ 6 Հոկտեմբերին՝ Փրակայի մէջ․ «Sabah» յայտնած է քննարկման թեման

2022-10-04
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը 6 հոկտեմբերին Փրակի մէջ պիտի հանդիպին եւրոպական քաղաքական հանրութեան գագաթնաժողովի ծիրէն ներս։ Այս մասին յայտնած է «Սապահ» թերթը` վկայակոչելով իր աղբիւրները։

Թուրք ղեկավարը 1 հոկտեմբերի իր ելոյթին մէջ յայտարարած էր նման հանդիպման հնարաւորութեան մասին։

«Սապահ» նշած է, որ բանակցութիւններուն մէջ կը նախատեսուի քննարկել Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը։ Մասնաւորապէս Էրտողան կը պատրաստուի Փաշինեանին առաջարկել երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումները յաջորդաբար կայացնել Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ, այլ ոչ թէ երրորդ երկիրներու տարածքին:

Բացի այդ, Թուրքիոյ նախագահը հանդէս պիտի գայ տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան թուլացման եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի արագ ստորագրման առաջարկներով։

Նշենք, որ հայկական կողմը ոչ հերքած, ոչ ալ հաստատած է այս հանդիպման մասին լուրը։