Ըստ Միջազգային իրաւունքի՝ ասիկա հայերուն հայրենիքն է, եւ ոչ ոք իրաւունք ունի արգելափակելու Լաչինի միջանցքը. Լիւքսեմպուրկի ԱԳ նախարար

Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Լիւքսեմպուրկի արտաքին գործոց նախարար Ժան Ասելպոր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձաւ Լաչինի միջանցքի շրջափակման հարցին:
«Անկեղծ ասած, ես կը կարծեմ, թէ աշխարհի մէջ կայ մեծ ուժ, որ պէտք է ցոյց տայ, որ ոչ միայն խաղաղապահներ են Լաչինի միջանցքին մէջ ներկայ եղողները, այլ նաեւ անոնք պէտք է գործեն: Մենք՝ իբրեւ Եւրոպական Միութիւն, կը փորձենք դերակատարութիւն ունենալ այն մակարդակով, որ կրնանք», յայտնած է Ասելպոր:
Ան ըսած է, որ իրենք կրնան կոչ ուղղել Ռուսիոյ՝ կեդրոնանալու տեղի ունեցածին վրայ, որովհետեւ այս դարուն անընդունելի է, որ առաւել քան 100 հազար անձեր մեկուսացուին, ինչպէս է պարագան Արցախի մէջ, տարեցներ եւ մանուկներ չկարենան վերադառնալ իրենց տուները:
«Միջազգային իրաւունքի համաձայն՝ ասիկա հայերուն հայրենիքն է, եւ ոչ ոք իրաւունք ունի արգելափակելու Լաչինի միջանցքը: Եւ ես յոյս ունիմ, որ անոնք, որոնք միջամտելու միջոցներ ունին, այդ մէկը ընեն կարելի եղածին չափ արդիւնաւէտ կերպով», յայտնած է Ասելպոր: