Ըստ Մոսկուայի՝ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ եռակողմ համաձայնութիւններուն այլընտրանք չկայ

2023-05-03
Image

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ իրավիճակի կարգաւորման առումով որեւէ օգնութիւն կարելի է ողջունել, բայց միայն Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ եռակողմ համաձայնութիւններու հիման վրայ: Ըստ անոր՝ անոնց այլընտրանք չկայ:Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: 

«Երկու երկիրներուն միջեւ հարցերու լուծումը եւ տարածաշրջանին մէջ լարուածութեան թուլացման վերաբերող որոշ միացեալ գործողութիւններու եւ քայլերու հնարաւոր մշակումը առաջին հերթին կարելի է Ռուսիոյ հետ համատեղ ստորագրուած եռակողմ փաստաթուղթերու հիման վրայ: Առայժմ չկան իրաւական այլ հիմքեր, որոնք կը նպաստէին կարգաւորման: Հետեւաբար, ցարդ այս եռակողմ փաստաթուղթերը բացարձակապէս այլընտրանք չունին»,-ըսած է Փեսքով:

Ան նշած է, որ այս եռակողմ փաստաթուղթերը դեռ այլընտրանք չունին։

«Ի հարկէ, ողջունելի է որեւէ օգնութիւն, որ կրնայ օգնել այս հիմքի վրայ կարգաւորման, բայց մենք նաեւ գիտենք, որ կան տարբեր փորձեր, որոնք կը խարխլեն կարգաւորման հիմքերը, որոնք հետագային կրնան արդիւնք չտալ։ Յուսանք, որ այս պարագային խօսքը առաջին դէպքի մասին է»,- աւելցուցած է Փեսքով։

Պաշտօնական Երեւանը բազմիցս յայտարարած է, որ Ատրպէյճանը չի հետեւիր եռակողմ յայտարարութեան: Անցեալ Մարտին, Մոսկուայի մէջ, Ռուսիոյ արտաքին գործերու նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ հանդիպման, Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան ըսած էր․ «Չկայ եռակողմ յայտարարութեան որեւէ դրոյթ, որը Պաքուն խախտած չլինի»: