Թուրքիոյ հետ մարդասիրական կապը կրնայ նպաստել քաղաքական երկխօսութեան բարելաւման. Փաշինեան՝ Միւնիխի մէջ

Թուրքիա մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելը միայն մարդասիրական նպատակով կատարուած է, քանի որ մեր կողքին միլիոնաւոր մարդիկ տուժեցին: Այս մասին ըսած է Նիկոլ Փաշինեան Հարաւային Կովկասի անվտանգութեան թեմայով քննարկման, որուն մասնակցած են նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլին եւ ԵԱՀԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Հելկա Շմիթտը:
«Մենք տեսանք նաեւ դրական արձագանգ թուրքական կառավարութիւնից, եթէ այս քայլը ունենայ նաեւ քաղաքական արդիւնքներ եւս, աւելի լաւ: Անկեղծ կը լինեմ, նախքան երկրաշարժը մենք քաղաքական երկխօսութիւն ունէինք: Ես հաւատում եմ, որ այս մարդասիրական յարաբերութիւնները կարող են կոնկրետ քաղաքական որոշումների համար հնարաւորութիւններ ստեղծել»,- նշած է Փաշինեան: