Ժամանակն է, որ ԱՄՆ-ն 1915-1923 թուականներուն հայերու սպանութիւններն անուանէ որպէս ցեղասպանութիւն. Newsweek

2021-04-09
Image

Պատմութիւնը նշանակութիւն ունի: Ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգները ցեղասպանութիւն անուանեն 1915-1923 թուականներուն հայերու համակարգային սպանութիւնները: Այդ կը հաստատեն պատմական փաստերն ու այդ կը հաստատէ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը դէպի անոնց, որոնք կը տառապին զանգուածային յանցագործութիւններէն: Հայոց ցեղասպանութեան օրը՝ ապրիլ 24-ը, նախագահ Պայտընի համար յարմար առիթ է պատմական մրցանիշ հաստատելու համար, գրած է կրօնական փոքրամասնութիւններու հարցերով ԱՄՆ Պետական բաժանմունքի նախկին յատուկ խորհրդական Նոքս Թեմսը Newsweek-ի մէջ հրապարակած իր յօդուածին մէջ:

Օսմանեան կայսրութիւնը, որ տեղակայուած է ժամանակակից Թուրքիոյ տարածքին, իրագործած է հայերու, ինչպէս նաեւ ասորիներու եւ յոյներու զանգուածային սպանութիւններ: Պատմաբաններու գնահատմամբ՝ զոհուած է 1,5 միլիոն հայ: Այդ գաղտնիք չէ: Միայն 1915 թուականին New York Times-ը գրած է 145 յօդուած զանգուածային սպանութիւններու մասին:

ԱՄՆ կառավարութիւնը տեղեակ էր: ԱՄՆ դեսպան Հենրի Մորկընթաուն փաստաթղթաւորած էր դաժան բռնութիւնը, որու ականատեսը դարձած էր, երբ ուղեւորուած էր Օսմանեան կայսրութեան գիւղական համայնքներ: Անոր յուշերուն մէջ նկարագրուած են թրքական իշխանութիւններու ծրագրերը՝ որպէս «ամբողջ ցեղի մը մահուան դատապարտում. անոնք այդ լաւ կը հասկնային եւ ինծի հետ զրուցելու ժամանակ այդ փաստը թաքցնելու փորձ չէին ըներ»:

Ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին ՄԱԿ-ի համաձայնագիրը կը սահմանէ ցեղասպանութիւնը՝ որպէս «ցանկացած գործողութիւն, որ միտուած է ամբողջութեամբ կամ մասնակիօրէն ոչնչացնելու ազգային, էթնիք, ռասայական կամ կրօնական խումբը սպանութիւններու, լուրջ մարմնական վնաս հասցնելու կամ այլ միջոցներով». 1,5 միլիոն սպանուած հայերու փաստը կը համապատասխանէ այդ սահմանման:

Պատմութեան եւ իրաւունքի տեսանկիւնէն հարց չի ծագիր այդ ոճրագործութիւններու փաստի եւ անոնք ցեղասպանութիւն անուանելու մասին: Սակայն կայ այսպէս կոչուած քաղաքական հարց:

Ռոնալտ Ռիկընի նախագահութեան օրերէն ի վեր Սպիտակ տունը 1915 թուականի իրադարձութիւնները չէ անուանած՝ որպէս հայոց ցեղասպանութիւն՝ չնայած Քոնկրէսի երկու պալատները ձայներու մեծամասնութեամբ ընդունած են Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւ 2019 թուականին: 

Նախապէս աշխարհառազմավարական դիրքորոշումները գերիշխած են փաստերու վրայ: Ժամանակակից Թուրքիան կտրականապէս դէմ է այդ իրադարձութիւնները Ցեղասպանութիւն անուանելէ: Թուրքիան ՆԱԹՕ-ի դաշնակից է, որ կը գտնուի Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի խաչմերուկին վրայ: Անոր սահմանները կը հատուին նախկին ԽՍՀՄ-ի, Իրանի, Իրաքի եւ Սուրիոյ սահմաններուն հետ: Մենք տուած ենք վեթոյի իրաւունք:

Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ նախագահ Պայտընը կը բախուի իրադարձութիւններու եզակի շրջափուլի հետ, որ թոյլ կու տայ անոր սահմանել պատմական մրցանիշ: Ան կը գլխաւորէ վարչախումբը, իսկ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը կը վարէ աւելի խնդրայարոյց քաղաքականութիւն: Ունենալով հնարաւորութիիւն՝ ժամանակն է անուանել ցեղասպանութիւնն իր անունով:

Ի հարկէ, այդ որոշ թուրքերու համար տհաճ կ'ըլլայ, եւ Էրտողանը կը սկսի յոխորտալ, սակայն շատերը կը հանաձայնին, որ այդ ճշմարտութիւն է: Միացեալ Նահանգները պէտք չէ լռէ պերճախօս շահերու պատճառով ոչ յուսալի դաշնակիցի հետ: Ինչպէս ըսած է նախագահ Պայտընը. «լռութիւնը յանցակցութիւն է»:

Տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութիւն: Թեկնածու Պայտընը ճանչցած է այդ, եւ ես յոյս ունիմ, որ նախագահ Պայտըն նոյնը կ'ընէ ապրիլ 24-ին: