Ժընեւի մէջ հանդիպած են Հայաստանի եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարարները

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր Ժընեւի մէջ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ամիր Ապտոլլահեանին ներկայացուցած է Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի շուրջ վերջին զարգացումները: Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։
Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարն անդրադարձած է Լաչինի միջանցքի արգելափակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական ծանր իրավիճակին։
«Արարատ Միրզոյեանն ընդգծել է Ադրբեջանի կողմից առանց նախապայմանների Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումն անյապաղ դադարեցնելու հրամայականը՝ համաձայն 2020թ. նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութեան դրոյթների: Այս համատեքստում ընդգծուել է նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի կողմից Ադրբեջանի նկատմամբ հրատապ միջոցների կիրառման վերաբերեալ փետրուարի 22-ին կայացուած որոշման իրականացումը։»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերու շուրջ:
Հայաստանի եւ Իրանի ԱԳ նախարարները կարեւորած են համագործակցութեան խորացումն ու համատեղ ջանքերու ներդրումը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող ոլորտներուն մէջ` ներառեալ ուժանիւթ, փոխադրութիւն եւ ենթակառուցուածքներ։
Անդրադարձ կատարուած է երկկողմ ձեւաչափով, ինչպէս նաեւ բազմակողմ հարթակներու վրայ փոխգործակցութեան առնչուող հարցերու: Ընդգծուած է Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակը:
Յիշեցնենք, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ Միրզոյեան 27-28 փետրուարին աշխատանքային այցով մեկնած է Ժընեւ, մասնակցելու ՄԱԿ-ի մարդկային իրաւանց խորհուրդի 52-րդ նստաշրջանի բարձր մակարդակի նիստին։ Հանդիպումներ պիտի ըլլան նաեւ շարք մը գործընկերներու հետ։