Իլհամ Ալիեւը չի բացառեր Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքումը

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը չի բացառեր Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագրի կնքումը: Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ այս մասին յայտարարած է Պաքուի մէջ կայացած խորհրդաժողովի ժամանակ:
Այս նախաձեռնութեան մանրամասները դեռ չեն հաղորդուիր:
Իլհամ Ալիեւը կը կարծէ, որ ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ հակամարտութեան գօտիին վրայ կը շարունակէ փխրուն մնալ:
«Յետպատերազմեան իրավիճակը կը մնայ փխրուն: Հրադադարը կը պահպանուի, բայց, հակառակ ատոր, մենք յետպատերազմեան զարգացման հետ կապուած դեռ շատ հարցեր ունինք»,-ըսած է Ալիեւը, կը հաղորդէ minval.az-ը: