Ինծի մտահոգութիւն կը պատճառէ Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած իրավիճակը. Հռոմի Պապ

Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը մտահոգութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող մարդասիրական իրավիճակի կապակցութեամբ, գրած է Vatican News-ը՝ յիշեցնելով, որ խօսքը Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհի՝ Լաչինի միջանցքի փակման մասին է:
Կիրակի Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը բոլոր կողմերուն կոչ ըրած է գտնելու «խաղաղ լուծումներ՝ յանուն ժողովուրդի բարօրութեան»։ Հռոմի պապն ըսած է, որ «անհանգստացած է Հարաւային Կովկասի մէջ Լաչինի միջանցքին ստեղծուած իրավիճակով»։
«Ինծի մտահոգութիւն կը պատճառէ Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած իրավիճակը, հարաւային Կովկասի մէջ։ Մասնաւորապէս մտահոգ եմ բնակչութեան մարդասիրական անկայուն պայմաններուն համար, որոնք վտանգուած են աւելիով վատթարանալու ձմեռային եղանակի ընթացքին», -ըսած է է քահանայապետը:
Աղբիւրը նշած է, որ Նորին Սրբութեան մտահոգութիւնը ուղղուած էր Լեռնային Ղարաբաղի 120,000 հայերուն, որոնց շարքին 30,000 մանուկներ։ Անոնք ներկայիս կը գտնուին մեկուսացման մէջ եւ աշխարհէն խզուած, ի տես Ատրպէյճանցիներու «բնապահպական» նկատառումներով կատարած Արցախը աշխարհին կապող միակ ճանապարհի արգելափակումին։
Եւրոմիութիւնը կոչ ըրած է Ատրպէյճանին ապահովելու Լաչինի միջանցքով տեղաշարժի ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը՝ համաձայն 2022 թուականի նոյեմբեր 9-ին Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի կողմէ ստորագրուած եռակողմ փաստաթուղթի։
ԵՄ պաշտօնեաները նախազգուշացուցած են, որ միջանցքի արգելափակումը զգալի դժուարութիւններ կ'առաջացնէ տեղի բնակչութեան համար եւ կրնայ յանգեցնել լուրջ մարդասիրական արտակարգ իրավիճակի: