Իրանի մէջ 160 հայ զինուորներ գտնուելու մասին լուրերը չեն համապատասխաներ իրականութեան. Դեսպանութիւն

Երեւանի մէջ Իրանի դեսպանութիւնը հերքած է այն լուրերը, որ 160 հայ զինծառայող կը գտնուի Իրանի մէջ:
Իրանական «Parstoday.com» կայքը տարածած է Երեւանի մէջ Իրանի դեսպանութեան յայտարարութիւնը հայկական ԶԼՄ-ներուն մէջ շրջանառուող կեղծ լուրերու մասին՝ կապուած 160 հայ զինծառայողներու՝ Իրանի տարածքի մէջ գտնուելու հետ:
Մէջբերուած յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը. «Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպանութիւնը կը հերքէ եւ կեղծ ու անհիմն կը համարէ որոշ հայկական լրատուամիջոցներու մէջ շրջանառուող լուրերը, թէ Իրանի մէջ կը գտնուի 160 հայ զինուոր, եւ իրանական կողմը անոնց վերադարձնելու համար նախապայմաններ ներկայացուցած է»:
Նշենք, որ որոշ հայկական ԶԼՄ-ներու մէջ տեղեկութիւններ կը շրջանառուին, թէ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի օրերուն 160 հայ զինուոր հատած է հայ-իրանական սահմանը: