Լաչինի խնդիրը ՀԱՊԿ-ի շրջանակներէն դուրս է. Զաս

2022-12-20
Image

Լաչինի միջանցքի վերաբերեալ հարցի լուծումը, որ Երեւանը կը բարձրացնէ միջազգային մակարդակով, ՀԱՊԿ պատասխանատւութեան գօտիէն դուրս է, ՌԻԱ «Նովոստի»-ին ըսած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը։

«Նման դիմումներ (Հայաստանի կողմէ Լաչինի միջանցքի հետ կապուած) չեն եղած, մենք կը մեկնինք անկէ, որ այդ հարցը ՀԱՊԿ պատասխանատւութեան գօտիէն դուրս է»,-ըսած է Զաս։

Աւելի վաղ Հայաստանը Արդարադատութեան միջազգային դատարանին տեղեկացուցած էր Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակման մասին, ինչպէս նաեւ դիմած էր Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան՝ Ատրպէյճանի դէմ միջանկեալ միջոցներ կիրառելու եւ միջանցքի ապաշրջափակումը պարտաւորեցնելու խնդրանքով։ ՄԻԵԴ-ը Ատրպէյճանին ժամանակ տուած էր մինչեւ 19 դեկտեմբերը ներառեալ՝ արձագանգելու ճանապարհը փակելու վերաբերեալ Հայաստանի դիմումին։

ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ԵՄ-ն կոչ ըրած են ատրպէյճանական կողմին ապաշրջափակելու Լաչինի միջանցքը։ Պաքուն տեղի ունեցողը որակած  է «քաղաքացիական ակտիւիստներու եւ բնապահպաններու բողոքի ցոյց»՝ ընդդէմ «հայկական կողմի հանքերու անօրինական շահագործման»։

ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի խօսքով՝ Ռուսիա անհանգստացած է Լաչինի միջանցքի արգելափակմամբ եւ յոյսով է, որ մօտ ապագային այնտեղ փոխադրային կապերը  լիարժէք կը վերականգնուին: