Լաւրով-Կրանտի քննարկում. Թեման Արցախէն տեղահանուածներու վերադարձն է

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրով եւ ՄԱԿ-ի փախստականներու հարցերով Գերագոյն յանձնակատար՝ Ֆիլիփօ Կրանտին քննարկած են փախստականներու վերադարձը Լեռնային Ղարաբաղ:
Ինչպէս յայտնած են ՌԴ Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն, կողմերը քննարկած են փախստականներու եւ ժամանակաւոր տեղահանուած անձերու՝ Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից տարածքներ վերադառնալու հարցը՝ 2020-ի 9 նոյեմբերին ղարաբաղեան հակամարտութեան հրադադարի մասին Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու յայտարարութեան համաձայն: