Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առաջին անգամ ցուցադրուած է ռուսական 50 մեթրանոց դրօշը. ՌԴ ՊՆ

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ՌԴ Պետական դրօշին նուիրուած միջոցառում տեղի ունեցած է, որ սկսած է դրօշի բարձրացման արարողութեամբ: Այս մասին ըսուած է ՌԴ ՊՆ տեղեկագրին մէջ:
«22 Օգստոստին մենք կը նշենք մեր երկրի Պետական դրօշի օրը, այդ տօնը կոչուած է միաւորելու բոլորը անոնց, որոնք նուիրուած են իրենց հայրենիքին, որւնց համար թանկ է իրենց երկրի, ժողովուրդի պատմութիւնը»,-անձնակազմին դիմած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի փոխհրամանատար զօրավար-մայոր Օլեկ Եկորովը:
Հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած են խաղաղապահներն ու կամաւորները: «Այսօր Լեռնային Ղարաբաղի պատմութեան մէջ առաջին անգամ խաղաղապահ զօրակազմի մշտական տեղակայման տարածքին մէջ տօնական միջոցառում տեղի ունեցած է ՌԴ դրօշի օրուայ առթիւ, ՌԴ-էն բերուած է ռուսական 50 մեթր երկարութեամբ եւ 5 մեթր լայնութեամբ դրօշը: Այն ցուցադրուած է ողջ անձնակազմին»,- ըսած է Եկորովը:
Միջոցառումը աւարտած է 50 մեթրանոց դրօշի՝ հանդիսաւոր երթով ցուցադրմամբ եւ ռազմահայրենասիրական երգերու կատարմամբ: