ԼՂ հարցով բանակցութիւններու վերսկսումը համանախագահներու գերակայ խնդիրն է. ՀՀ-ի մէջ Ֆրանսայի դեսպան

2021-05-04
Image

Ղարաբաղի հարցով բանակցութիւններու վերսկսիլը մեզի համար գերագոյն  խնդիր է

Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի նախագահները պայմանաւորուած են վերսկսիլ ջանքերը Մինսքի խումբի շրջագիծէն ներս`Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան շուրջ իրավիճակի կայուն կարգաւորման հասնելու համար: Մօտ ապագային այս ուղղութեամբ յստակ նախաձեռնութիւններ պիտի ձեռնարկուին։ «Արմէնփրէս»-ի հարցմանն ի պատասխան` այս մասին յայտնած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոնաթան Լաքոթը` անդրադառնալով ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հեռախօսազրոյցին:

Հարցին՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներն ի՞նչ քայլեր կը ձեռնարկեն, որպէսզի Ատրպէյճանն ի վերջոյ վերադարձնէ Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիները, դադարեցնելով մարդու իրաւունքներու խախտումները, Ճոնաթան Լաքոթը նշած է, որ համանախագահներու վերջին յայտարարութեան մէջ կոչ եղած էր վերադարձնելու բոլոր ռազմագերիները:

«Ապրիլ 13-ի իրենց յայտարարութեան մէջ համանախագահները կոչ ըրած են միջազգային մարդասիրական իրաւունքի համաձայն ազատել բոլոր ռազմագերիները եւ պահուող անձանց: Ապրիլ 24-ին պետական քարտուղար Ժան-Պաթիսթ Լըմուանը Ֆրանսայի դեսպանութեան մէջ ընդունեց գերիներու ընտանիքները»,- յայտնած է դեսպանը:

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճոնաթան Լաքոթն անդրադարձած է նաեւ Պաքուի մէջ բացուած, այսպէս կոչուած, «Յաղթանակի պուրակ»ին, ուր ներկայացուած են պատերազմի ընթացքին, որպէս ռազմական աւար վերցուած հայկական զէնքերը եւ հայ զինուորներու տեսքով մոմէ կերպարներ, յիշեցնելով իր այն յայտարարութիւնը, որ պատերազմը ներկայացում բեմադրելու ռարկայ չէ, եւ այժմ առաջնահերթութիւնը հակամարտութեան լուծում գտնելն է: