Լուիճի Տի Մայօ ՀՀ Վարչապետին յայտնած է Իտալիոյ աջակցութիւնը՝ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման ջանքերուն

2022-04-04
Image

Իտալիան աջակցութիւն կը յայտնէ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի ջանքերուն` միտուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատման, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման երկխօսութեան: Այս մասին Հայաստանի վարչապետին հետ հանդիպման ընթացքին նշած է աշխատանքային այցով Հայաստան գտնուող Իտալիոյ արտաքին գործերու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Լուիճի Տի Մայոն:

Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերող հարցերը քննարկելով` Նիկոլ Փաշինեան իր դիտարկումները ներկայացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերեալ եւ ընդգծած է միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգին կարեւորութիւնը` Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող սադրիչ գործողութիւններուն:

Նիկոլ Փաշինեան կարեւորած է ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով Արցախի կարգավիճակի յստակացման, անվտանգութեան ապահովման եւ արցախահայութեան հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Լուիճի Տի Մայօ խօսած են նաեւ երկկողմ փոխգործակցութան մասին` ընդգծելով առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աւելացման, ներդրումային համատեղ ծրագրերու իրականացման ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրականացումը:

Իտալիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարները հանդէս եկան համատեղ յայտարարութեամբ:

Այնուհետեւ Հայաստանի նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը ընդունած է իտալացի պաշտօնեան: Նախագահը ընդգծած է, որ այս տարածաշրջանին մէջ դէպի երկարատեւ եւ կայուն խաղաղութիւն տանող ճանապարհը երկխօսութիւնն է եւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորումը: Խաչատուրեան ընդգծած է Արցախի կարգավիճակի յստակացման, այնտեղ ապրող մարդոց անվտանգութեան ապահովման եւ հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը:

Իտալիոյ արտաքին գործերու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարարը եւս կարեւորած է կողմերուն միջեւ կառուցողական երկխօսութեան հաստատումը եւ փոխադարձ վստահութեան ձեւաւորումը: Լուիճի Տի Մայօն ողջունելի համարած է, որ Հայաստանը կը ձգտի յառաջ շարժելու խաղաղութեան հաստատման ճանապարհով: