Կառուցողական. Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը մեկնաբանած է Արարատ Միրզոյեանի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցը

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը յայտարարած է, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերու շուրջ քննարկումները կառուցողական եղած են։
«Ընդհանուր առմամբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ քննարկումները (հեռախօսազրոյցի ընթացքին) կառուցողական եղած են։ Միեւնոյն ժամանակ, յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, ի հարկէ, կը պահանջէ ժամանակ եւ հետագայ քայլեր»,- լրագրողներուն ըսած է Պայրամովը։
Ան կարեւոր համարած է Երեւանի կողմէ Ատրպէյճանի առաջարկած խաղաղութեան պայմանագրի հինգ հիմնարար սկզբունքներու ընդունումը։
«Առաջին եւ կարեւոր քայլը մենք կը համարենք այն, որ Հայաստանն ընդունեց Ատրպէյճանի առաջարկած հինգ հիմնական կէտերը։ Վերջին տարիներուն Ատրպէյճանը աշխատած է եւ կոչ ըրած Հայաստանին կարգաւորելու յարաբերութիւնները։ Այդ կապակցութեամբ Ատրպէյճանն առաջարկած է հինգ հիմնական կէտ, որոնք հիմնուած են միջազգային իրաւունքի վրայ, եւ որոնց իրականացումը ձեռնտու է նաեւ Հայաստանին»,- աւելցուցած է Պայրամովը։